2012-09-26 12:16:36

<<Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Քրիստոնեաները Ազատ Արձակուեցան>> Կը Յայտնէ Լահհամ Պատրիարքը։


<<Յոյն կաթողիկէ 240 հաւատացեալ քրիստոնեաները որոնք առեւանգուած էին Սուրիոյ Հոմս քաղաքի մօտակայ գիւղի մը մէջ ազատ արձակուեցան>> յաղորդեց Դամասկոսի Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարք Գրիգոր Գ Լահհամը ռատիովատիկանի հետ ունեցած հեռաձայնային կաղի մը ընթացքին։ <<Քրիստոնեաներու ձերբազատումը կարելի եղաւ երկխօսութիւն ու բանակցութիւն հաստատելով - ըսած է Պատրիարքը - ընգծելով որ երկխօսութեան ճամբով կարելի է շատ լուծումներու յանգիլ։
Լահհամ պատրաիրքը ապա մատնանշած է <<բարեկամութեան կարեւորութեան>> ինչպէս նաեւ <<համակեցութեան>> ընդմէջ այլեւայլ հասրակութիւններու եւ կրօններու եւ բոլորին ուղղած է հաշտութեան պատգամ մը հաստատելով թէ միայն հաշտութիւնն է որ Սուրիոյ հարցերուն լուծման ու բոլորին ապագայի բանալին կրնայ ըլլալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.